2016-04-30 10:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Յոբելենական ունկնդրութիւնը` ''Ողորմութիւն եւ Հաշտութիւն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրեմն մենք դեսպաններ ենք Քրիստոսի համար, որպէս թէ Աստուած մեր միջոցաւ կը յորդորէ. կ՛աղերսենք ձեզի Քրիստոսի անունով, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ: Որովհետեւ Աստուած մեզի համար մեղաւոր համարեց՝՝ ա՛ն՝ որ մեղք չէր գիտեր, որպէսզի մենք` անով դառնանք Աստուծոյ արդարութիւնը (Բ Կորընթացներու 5,20-21):

Այս սուրբ գրային հատուածը հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խորհրդածութեան նիւթը. շաբաթ 30 ապրիլ 2016-ին. Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած յոբելենական հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին. որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Իտալիոյ Թիրեսթէ թեմին հաւատացեալները այնպէս ինչպէս աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած զինեալ ուժերու եւ ոստիկանութեան անդամներ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տալով խորհրդածութեան, այսօր կը փափաքիմ ձեր հետ միասին խորհրդածել ողորմութեան մէկ կարեւոր երեւոյթի մասին` հաշտութիւնը։ Աստուած երբեք չզլացաւ իր ներումը նուիրելու մարդոց. Անոր ողորմութիւնը սերունդէ սերունդ զգալի է։ Յաճախ մենք կը մտածենք թէ մեր մեղքերը կը հեռացնեն Տէրը մեզմէ, սակայն իրականութեան մէջ, մեղք գործելով մենք ենք որ կը հեռանանք Անորմէ, մինչ Ինք տեսնելով մեզ վտանգի մէջ, աւելիով կը մօտենայ մեզի։

Աստուած երբեք չի համակերպիր այն հաւանականութեան որ անձ մը հեռու մնայ Իր սէրէն, պայմանով որ այդ անձը իր գործած չարիքին համար ապաշխարութեան նշան մը տայ - ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ ''Մենք մեր ուժերով կարողութիւնը չունինք հաշտուելու Աստուծոյ հետ'', որովհետեւ, ''մեղքը արդարեւ Անոր սիրոյն մերժումն է, որմէ յառաջ կու գայ մենք մեր մէջ փակուիլը` ազատութիւն եւ աւելի ինքնավարութիւն  գտնելու խաբկանքով''։

Երբ մեղանչենք մեր կռնակը կը դարձնենք Աստուծոյ ու մեղքը միշտ աւելիով մեզ կը հեռացնէ Աստուածէ դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ''Յիսուս` որպէս Բարի Հովիւ, կու գայ մեզ` կորսուած ոչխարը, փնտռելու. Ան կը վերակառուցէ կամուրջը որ մեզ կը միացնէ Հօր ու մեզի առիթ կ՛ընծայէ վերագտնել զաւակներու արժանաւորութիւնը։ Յիսուս իր կեանքի նուիրումով մեզ հաշտեցուց Հօր հետ ու մեզի տուաւ յաւիտենական կեանք։

Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ, աղաղակն է որ Պօղոս առաքեալ կ՛ուղղէ Կորնթոսի առաջին քրիստոնեաներուն եւ այդ աղաղակը այսօր ուղղուած է նաեւ մեզի բոլորիս։ Այս Ողորմութեան Յոբելեանը, հաշտութեան ժամանակաշրջան է բոլորիս համար։ Բազմաթիւ անձեր կ՛ուզեն հաշտուիլ Աստուծոյ հետ, սակայն չեն գիտեր ինչ ընել, որովհետեւ իրենք զիրենք անարժան կը զգան եւ կամ չեն ուզեր նոյնիսկ այս մէկը ընդունիլ։

''Քրիստոնեայ հասարակութիւնը կարող է եւ պարտաւոր է երաշխաւորել անկեղծ վերադարձը դէպի Աստուած` բոլոր անոնց որոնք Անոր կարօտն ունին'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղելով որ ոչ մէկը հեռու մնայ Աստուծմէ, մարդոց կառուցած խոչընդոտներու պատճառաւ։  

''Այս Սուրբ Տարին ըլլայ պատշաճ առիթ վերագտնելու Հօր մօտիկութեան ու քնքշութեան իղձը ու Անոր վերադառնալու բոլոր սրտով',  ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով հաշտութեան այս փորձառութիւնը ապրիլ առօրեային մէջ` ընտանիքներու, եկեղեցական հասարակութիւններու, ընկերային եւ միջազգային խաւերու ներքոյ, որովհետեւ հաշտութիւնը խաղաղութեան ի սպաս ծառայութիւն է, ծառայութիւն ճանչնալու մարդու հիմնական իրաւունքները, ծառայութիւն` զօրակցութեան եւ ընկալումին։ 

Ընդունինք ուրեմն հրաւէրը հաշտուելու Աստուծոյ հետ որպէսզի կարենանք դառնալ նոր արարածներ ու Աստուծոյ ողորմութիւնը տարածենք մեր եղբայրներուն մէջ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.